ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութեան կողմէ երկու ներկայացուցիչներ. յանձին՝ Ժանէթ Արծիւեանի եւ Սեդա Պէշիկթաշլեանի։ Անոնք մեզի տեղեկացուցին, որ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ քէրմէս մը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին։ Ամանորի սեմին կը կազմակերպուի այս քէրմէսը, որ ունի աւանդական բնոյթ։ Երկօրեայ ծրագրին հասոյթը պիտի յատկացուի դպրոցին։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019