ՖԷՐԻԳԻՒՂԷՆ ՄԵՐ ՀԻՒՐԵՐԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ. յանձին՝ Թանիա Պալճըի եւ Գարոլին Քեպապճըի։ Ինչպէս արդէն ծանուցուած է, Ամանորի սեմին Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած է քէրմէս մը։ Սոյն ծրագիրը պիտի սկսի վաղը։ Դպրոցի ծնողաց միութիւնը, տիկնանց կազմը եւ քէրմէսի կարգադիր յանձնախումբը տենդագին աշխատանք տարած են՝ յաջողութեամբ պսակելու համար նախաձեռնութիւնը։

Ծանօթ է, որ ֆէրիգիւղցիներու կազմակերպած քէրմէսները միշտ լայն արձագանգ կը ստեղծեն՝ իրենց ճոխ տեսականիով։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2019