ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանն ու գործակից ընկերներէն Սիւզան Քըզըլքայան, Նատին Թաշն ու Էօզճան Նշանը։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութիւնը եւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը։ Ուստի, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները խմբագրատունս այցելեցին՝ հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար։
Հաճելի զրոյցի ընթացքին թաղականները յայտնեցին, որ վճռական պայքարը կը շարունակուի՝ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի յարատեւութիւնը ապահովելու համար։ Անոնք շեշտեցին, որ այս դպրոցը թրքահայ կեանքէն ներս ունի առանձնայատուկ առաքելութիւն մը։ Արդարեւ, այնտեղ ո՛չ միայն կրթութիւն կը ջանբուի, այլեւ թէ՛ աշակերտները եւ թէ իրենց ծնողները կ՚ունենան իրենց առաջին շփումը համայնքին հետ։
Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները նշեցին, որ Թոփգաբուի թաղային խորհուրդը շատ քիչ եկեղեցապատկան կալուած ունի։ Ուստի, անոնցմէ առաւելագոյն հասոյթը քաղելու համար վարչական կամք կը ցուցաբերուի եւ վարձակալներու հետ լեզու գտնելով փոխադարձ հասկացութեան մթնոլորտի մէջ այդ առումով նպատակասլաց քայլեր կ՚առնուին։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը կալուածներու վարձքերու յաւելումներուն համար խնդրոյ առարկայ էր 25 տոկոսի շեմ մը։ Այժմ սահմանափակումը վերցուած է եւ աւելի ձեռնտու պայմաններ ստեղծուած են։ Թաղականները շեշտեցին, որ թէ՛ եկեղեցապատկան կալուածներու թիւը հազիւ քանի մը հատ է եւ թէ դպրոցի սաներու ծնողները մինչեւ որոշ մակարդակի նպաստ մը կը կարողանան բերել՝ հաշուի առնելով, որ համեստ խաւերու կը պատկանին։ Թաղային խորհուրդը կալուածներու հարցին շուրջ բազմակողմանի աշխատանք կը տանի՝ ուղղակի կամ անուղղակի որեւէ իրաւունքի կորուստ կանխելու համար։
Այս ջանքերու արդարացման տեսակէտէ թաղականները ուրախութեամբ մատնանշեցին, որ դպրոցի աշակերտութեան թիւը բարձրացած է 190-ի։ Եթէ մինչեւ անցեալ տարի վեց փոխադրամիջոցով աշակերտներու տեղափոխութիւնը կը կազմակերպուէր զանազան թաղերէ, ապա այս տարի փոխադրամիջոցներու թիւը բարձրացած է եօթի։ Դպրոցի պիւտճէն, ըստ էութեան, կը յատկացուի ամսաթոշակներու, տուրքերու, փոխադրամիջոցներու եւ տղոց սնման կարիքներուն։
Այս համայնապատկերին վրայ Թոփգաբուի ընտանիքը հերթական անգամ կ՚ապաւինի համայնքի զօրակցութեան։ Թաղային խորհուրդը լիայոյս է, թէ ուրիշ հաստատութիւններու զօրակցութեան համար բաւարար ներուժի տէր համայնքային հաստատութիւնները չեն զլանար իրենց աջակցութիւնը եւ անոնց վրայ կու գան աւելնալ անհատական նուիրատուութիւնները, որոնք միշտ բարձր նշանակութիւն ունեցած են Թոփգաբուի ընտանիքին համար։ Թաղականները երախտագիտութեամբ ընդգծեցին ջանքերը համայնքային այն յայտնի, ազնիւ բարերարներուն, որոնք տարիներէն ի վեր կը սատարեն դպրոցի յարատեւութեան։
Հուսկ, ատենապետ Նուրհան Սուճուեան եւ գործակից ընկերները կոչ ուղղեցին, որպէսզի համայնքէն ներս հերթական անգամ զօրակոչի տրամադրութիւն ստեղծուի՝ ի նպաստ Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին։