ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ «ՆԱՏԻԱ ԵՒ ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ» ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԱՅԻՆ ԺԱՄԱՆՑԻ ԾՐԱԳԻՐ

2017-2018 կրթական շրջանի ձմրան արձակուրդի ներկայ փուլին, Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցին մէջ կազմակերպուեցան զանազան ձեռնարկներ։ 230 աշակերտներ հիւրընկալուեցան այս արձակուրդային նախագծին շրջագծով։ Ձեռնարկի կազմակերպիչները բացարձակապէս գոհ էին այս հետաքրքրութեան մակարդակէն։ Քաղաքիս զանազան թաղամասերէն փոքրիկներ մասնակցութիւն բերին Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս կազմակերպուած արձակուրդային ծրագրերուն։ Տղաքը մէկ շաբթուան տեւողութեան մասնակցեցան զանազան ստեղծագործական կամ մարմնամարզական աշխատանքներու։ 

Միւս  կողմէ, կը տեղեկանանք, որ մօտաւոր ապագային ալ նոյն ծիրին մէջ Բարեկենդանի խրախճանք մը կը նախատեսուի։ «Ոմանք» երաժշտական խումբի մենակատար Լարա Նարինն ալ Բարեկենդանի այս խրախճանքին մասնակցութիւն բերելով պիտի համախմբուի փոքրիկներուն հետ։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018