ՇԻՇԼԻԻ ՎՈԼԷՅՊՈԼԻ ԿԱՆԱՆՑ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱԶՄԸ ՀԱՍԱՒ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻ

Շիշլի մարզակումբի վոլէյպոլի կանանց առաջին կազմը այս եղանակին կ՚արձանագրէ փայլուն յաջողութիւններ։ Շիշլիցի աղջիկները իրենց դասաւորումը աւարտած են առաջին հորիզոնականի վրայ։ Շիշլիի վոլէյպոլի կանանց առաջին կազմը անընդմէջ երեք յաղթանակներ տանելով հասած է այս փայլուն արդիւնքին։ Այժմ շիշլիցիները կը պատրաստուին ուրիշ կարեւոր փուլի մը։ Արդարեւ, յառաջիկային անոնք նոր մրցումներով հանդէս պիտի գան ու պիտի ջանան լաւագոյն արդիւնքին հասնիլ եւ ապահովել Թուրքիոյ Բ. լիկը բարձրանալու իրաւունքը։

Կը շնորհաւորենք շիշլիցիները եւ յաջողութիւն կը մաղթենք։ 

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2018