ՀԱՅ ՅՕՐԻՆՈՂՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐՈՎ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՄԵՐԳ

Հարպիէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» համերգասրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Թրքական երաժշտութեան մէջ հայ յօրինողներ» խորագրեալ համերգ մը։ «Միասնաբար՝ անցեալէն դէպի ապագայ» կարգախօսով կազմակերպուած էր այս երեկոյթը, որու նախաձեռնութիւնը համատեղ ստանձնած էին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը եւ «Աշիեան» երաժշտական միութիւնն ու կեդրոնը։ Համերգին զուգահեռ մուտքասրահին մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած էր Պալեան գերդաստանի կողմէ սերունդէ սերունդ կատարուած ճարտարապետական արտադրութեան։ Սոյն ծրագիրը կեանքի կոչուած էր մեր ազգայիններէն Նազարէթ Էօզսահակեանի կողմէ տրուած խորհուրդներով։ Ծրագրի գեղարուեստական ղեկավարն էր Սատըք Քաւաս, իսկ հանդիսավարը՝ Հանտան Քաւաս։ Իբրեւ հիւր մենակատար երեկոյթին մասնակցութիւն բերաւ Էլիֆ Կիւրէշճի։

Ներկաներու շարքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեան։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ երկու բաժինով, իսկ աւարտին բոլորին համար անակնկալ մը եղաւ ունկնդրել յայտնի մենակատար Ինճի Չայըրլըն։ Երեկոյթի աւարտին յանձնուեցան յուշանուէրներ կամ ծաղկեփունջեր։ Այս փուլին հանդէս եկան Նազարէթ Էօզսահակեան եւ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեան, որ ստացաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի համար պատրաստուած յուշանուէրը։

Երաժշտասէրները հաճելի ապրումներ ունեցան այս երեկոյթին շնորհիւ։  

Չորեքշաբթի, Յունուար 30, 2019