ԷՍԱԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ՝ ՇԻՇԼԻԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան եղբայրներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Էսաեան հարազատները ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։ Դարաւոր Էսաեան վարժարանի հիմնադիրները ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս վերյիշուեցան՝ Պէյօղլուի ընտանիքի համախմբումով։ Էսաեան հարազատներու շիրիմին վրայ հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ ձեռամբ Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, որ դպրոցի շրջանաւարտներէն է։ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Սիմոն Չեքէմ եւ իր գործակից ընկերները, դպրոցի տնօրէնուհիները՝ Ազնիւ Կիւրկէն եւ Անիլտա Մենեքշէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ եւ մեր համայնքէն երախտաշատ դէմքեր համախմբուեցան հերթական անգամ իրենց յարգանքը մատուցելու համար Էսաեան հարազատներու յիշատակին նկատմամբ։

Այսպէսով, համաճարակի սահմանափակումներով պայմանաւորուած մթնոլորտի պատշաճութիւնները յարգելով, Պէյօղլուի ընտանիքը այս տարի եւս չթերացաւ Էսաեան հարազատներու յիշատակին նկատմամբ երախտագիտութեան մէջ։  

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021