ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցի ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, յայտնի բարերարներ, ծանօթ ազգայիններ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր եւ հիւրեր։

Դալար Հորոզօղլու, որ իր ամուսնոյն՝ Արթօ Հորոզօղլուի հետ կը գլխաւորէ դպրոցի կամաւոր հոգաբարձութիւնը, երէկուան հաւաքոյթին ընթացքին հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան յայտնեց, որ «Հրանդ Տինք» դպրոցը արդէն թեւակոխած է հիմնադրութեան 20-ամեակը եւ անոր ի նպաստ 6-րդ անգամ հանգանակութիւն կը կատարուի համայնքէն ներս։ Դալար Հորոզօղլու շեշտեց, որ դպրոցի տեղափոխութեան ծրագրի ձախողումէն վերջ, այժմու համալիրէն ներս սկսած են վերանորոգման եւ բարելաւման աշխատանքներ։ Ծրագիրը ընդգրկած է զանազան երեսակներ՝ օդափոխութեան համակարգէ սկսեալ, մինչեւ սաներուն համար բացօթեայ խաղավայրի մը ստեղծուիլը։ Ան ընդգծեց, որ անցեալ քսան տարիներուն այս դպրոցէն հասած սաները Հայաստան վերադառնալով արձանագրած են փայլուն յաջողութիւններ, իսկ ոմանք իրաւունք ստացած են իրենց ուսումը շարունակելու արտասահմանի մէջ։ Դալար Հորոզօղլուէն վերջ արտայայտուեցան վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու եւ դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան։ Մինչ Աղապալօղլու «Փոքրիկ Հայաստան մը» որակեց դպրոցը, տնօրէնուհին ալ այժմու կացութեան վրայ տուաւ տեղեկութիւններ։ Ծանօթ է, որ «Հրանդ Տինք» դպրոցի՝ արդէն երկու տասնամեակի վրայ տարածուած գործունէութեան տեւողութեան միշտ բարձր գնահատանքի արժանացած է տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի կողմէ գլխաւորուած ուսուցչական կազմին նուիրեալ աշխատանքը։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ խմբերգներով հանդէս եկան դպրոցի սաները՝ Հրանդ Չիզմէճեանի գլխաւորութեամբ։ Մեներգչուհի Սիպիլն ալ միացաւ անոնց։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Հայաստանէն արուեստագէտ Լեւոն Լաճիկեան, որուն յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Հորոզօղլու ամոլին կողմէ։

Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ առաջին հերթին բարձր գնահատեց վերապատուելի Աղապալօղլուն, Հորոզօղլու ամոլը եւ մեր ազգայիններէն Նազար Պինաթլըն, որոնք միշտ զօրակցութեան առարկայ կը դարձնեն այս դպրոցը եւ զայն կը պահեն իրենց հոգածութեան կիզակէտին։ Նորին Ամենապատուութիւնը նշեց, որ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս եկած ընտանիքներուն կեցութեան հիմնական նպատակն է աշխատանքը։ Անոնք գործէ դուրս շատ ալ ազատ ժամանակ չեն ունենար, ուստի մեր համայնքին հետ գիրկընդխառնումը կը մնայ սահմանափակ։ Յամենայնդէպս, մեր համայնքի անդամները պէտք է աջակցին անոնց՝ մանաւանդ այս դպրոցին նկատմամբ խնամք պէտք է ցուցաբերել, որովհետեւ այս կրթօճախը կը պատրաստէ սաներ, որոնք կը վերադառնան Հայաստան։ Հուսկ բանքի եզրափակիչ փուլին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը երանութեամբ ոգեկոչեց նաեւ հոգելոյս Հրանդ Տինքը, որու անունով կոչուած է այս կրթօճախը։

Հարկ է նշել, որ «Հրանդ Տինք» դպրոցի այս տարուան պիւտճէի յայտարարուած բացին հազիւ կէսը ապահովել հնարաւոր եղաւ երէկուան նուիրահաւաքման արդիւնքին։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023