ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆ ՈՍԿԵԲԵՐԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Քրիստոնէից միութեան աղօթքի շաբթուան առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապետիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Պէյօղլուի Ս. Յովհան Ոսկեբերան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած միջեկեղեցական արարողութեան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան եւ լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայ Ուզունեան։

Արարողութեան հանդիսապետեց եւ քարոզեց Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։ Ներկայ էին նաեւ քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ։

Արարողութեան աւարտին Զեքիեան Գերապայծառ ընդունելութիւնով մը մեծարեց էքիւմենիք աղօթքի մասնակիցները։ Բոլորը համախմբուեցան տեղւոյն տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ։ Արձակման փուլին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց հուսկ բանքը։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023