ՓԱԶԸԼԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄՐՑՈՅԹ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութիւնը երէկ կազմակերպեց փազըլի մրցոյթ մը։ Համաշխարհային փազըլի օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը՝ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ։ Ծրագրին աջակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Փազըլի միութիւնը։

Ձեռնարկի տեւողութեան սրահին մէջ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն՝ մինչ դափնեկիրներու պարգեւները յանձնեց սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Նատին Վանլըօղլու-Թաշ։

Երկուշաբթի, Յունուար 30, 2023