ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒՆ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բը Ս. Զատ­կի առ­թիւ խրախ­ճանք մը կազ­մա­կեր­պեց իր մար­զա­կան դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար։ Ա­կում­բի հա­մա­կիր խումբ մը կա­մա­ւոր­ներ կազ­մա­կեր­պե­ցին խրախ­ճանք մը՝ որ­պէս­զի տղա­քը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան Ս. Զատ­կի տա­ղա­ւա­րը տօ­նե­լու միաս­նա­բար։ Ա­նոնք ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տած էին զատ­կա­կան ա­ւան­դա­կան հաւ­կիթ­ներ։ Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րի «Եթ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զաս­րա­հի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս խրախ­ճան­քը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Շիշ­լիի դա­սըն­թացք­նե­րուն մաս­նա­կից տղա­քը, ծնող­ներ, մար­զիչ­ներն ու ա­կում­բի վար­չա­յին­նե­րը։

Ըն­տա­նե­կան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ տօ­նա­կան հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու ըն­թաց­քին բո­լո­րը ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին Ս. Զատ­կի առ­թիւ։ Շիշ­լի մար­զա­կում­բը նման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով կը նա­խա­տե­սէ մարմ­նա­մար­զի ա­ռըն­թեր նոր սե­րուն­դը հա­ղորդ պա­հել մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2016