ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆ

Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րան­նե­րու ըն­թերց­ման տօ­նը։ Ձեռ­նար­կը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, պա­րե­րով եւ այլ ե­լոյթ­նե­րով։ Շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Նա­յիր։ Ա­րատ Քա­րա­քու­շի եւ Տիա­նա Տա­լա­շի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ յայ­տա­գի­րը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին նաեւ ման­կա­պար­տէ­զի փոք­րիկ­նե­րը։ Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի սա­նե­րը ստա­ցան ի­րենց ըն­թերց­ման վկա­յա­կան­նե­րը։ Յա­ջոր­դած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­նե­րը ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րե­ցին ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րը, ո­րոնք ա­ռար­կայ դար­ձան ան­մի­ջա­կան գուր­գու­րան­քի։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017