ՈՉ ԵՒՍ Է ՆԱԶԱՐ ՀԱՆՉԷՐ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի մարզասէր ազգայիններէն Նազար Հանչէր։ Սա իսկապէս անժամանակ եւ ցաւալի կորուստ մըն է։ Արդարեւ, 1947 թուականին ծնած Նազար Հանչէր տակաւին խոր ծերութեան հասած չէր, ոչ ալ ունէր առողջական լուրջ խնդիր մը։ Հետեւաբար, թէեւ ան երիտասարդ տարիքի մէջ չէր, սակայն իր մահը կը համարուի վաղահաս՝ մանաւանդ, որ սրտի տագնապի մը հետեւանքով ան հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն։
Նազար Հաչէր իսկապէս նուիրեալ եւ համակրելի համայնքային գործիչ մըն էր։ Երկար տասնամեակներ ան ծառայութիւն մատուցած էր մեր համայնքին՝ մարզական ոլորտին միջոցաւ, խրախուսելով նաեւ երիտասարդութիւնը։ Շիշլի մարզակումբին հետ նոյնացած, ակումբի վարչութեան մէջ երկար տասնամեակներ պաշտօն վարած անձնաւորութիւն մըն էր Նազար Հանչէր։ Անդամակցած էր Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբին։ Նազար Հանչէր վերջին շուրջ երեք տասնամեակներուն կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր՝ մասնաւորապէս Հայաստանէն Թուրքիա ժամանած մարզական պատուիրակութիւններու հիւրընկալութեան, անոնց անհրաժեշտ օժանդակութեան ցուցաբերման եւ ուղեկցման տեսակէտէ։ Իր անշահախնդիր վերաբերմունքը մարզիկներուն եւ ընդհանրապէս մարմնամարզի նկատմամբ համատարած գնահատանքի արժանացած էր։ Ի լրումն այս բոլորին, Նազար Հանչէր պոլսահայ մամուլին ալ մօտիկ գործակիցներէն մին էր։ Այն բոլոր մարզական իրադարձութիւնները, որոնց մէջ ուղղակի կամ անուղղակի դեր մը ունէր, անպայման սեփականութիւնը կը դարձնէր նաեւ մամուլին։ Այս առումով ան երախտաշատ համագործակցութիւն կը ծաւալէր պոլսահայ մամուլին հետ եւ իր կարողութիւններու ներած չափով կը նպաստէր, որպէսզի ամէն ինչ մանրամասնօրէն լուսաբանուի եւ դառնայ պատմութեան սեփականութիւնը։
Այս բոլորէն վերջ Նազար Հանչէր իսկապէս ունէր բարի յիշատակ մը, համբաւ կը վայելէր որպէս ազնիւ, բոլորի օգնութեան հասնող անձնաւորութիւն մը։ Ընկերային կեանքէն ներս վայելած այս համբաւին առընթեր, Նազար Հանչէր տիպար ընտանեկան հայր մըն էր։ Ամուսնացած էր յայտնի հնէաբան Էլմոն Հանչէրի հետ։ Ունէր երկու դուստր։ Այժմ, բոլորը ցաւ ի սիրտ կը պատրաստուին հրաժեշտ տալու Նազար Հանչէրին։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք նորոգ հանգուցեալ Նազար Հանչէրի հոգւոյն։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ մեր սիրելի բարեկամուհի Էլմոն Հանչէրին, դուստրերուն, ինչպէս նաեւ եղբօր՝ նոյնպէս մարզական գործիչ Յարութիւն Հանչէրին, քրոջ՝ վաստակաւոր կրթական մշակ Շահինար Հանչէրին։