ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՁԵՌՆԱՐԿ

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պուած է ի յի­շա­տակ ան­մահ բա­նաս­տեղծ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի։ Ինչ­պէս ար­դէն ծա­նու­ցուած է մա­մու­լի մէջ, հան­դի­սու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ շա­բա­թա­վեր­ջին։ Վար­ժա­րա­նի հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու կազ­մը ո­րո­շած է ո­գե­կո­չել մեր գրա­կա­նու­թեան հսկա­նե­րէն Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը։ Ձեռ­նար­կը կը զու­գա­դի­պի 2015 թուա­կա­նին, ո­րու մթնո­լոր­տը յա­ւե­լեալ ի­մաստ մը կը վե­րագ­րէ ա­նոր, քա­նի որ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի ալ ե­ղե­ռա­կան մա­հուան 100-րդ տա­րե­լիցն է ներ­կա­յիս։

Շա­բա­թա­վեր­ջի ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սու­թեան ըն­դա­ռաջ, Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ միջ­լի­սէա­կան նկար­չա­կան աշ­խա­տանք մը։ Այս­պէս, հա­մայն­քա­յին հինգ լի­սէ­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի վե­րա­բե­րեալ ի­րենց ու­նե­ցած գի­տե­լիք­նե­րուն ներշնչան­քով կա­տա­րե­ցին գծագ­րու­թիւն­ներ եւ ա­նոնց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քի ար­դիւնքն ալ պի­տի ներ­կա­յա­ցուի շա­բա­թա­վեր­ջի հան­դի­սու­թեան շրջագ­ծով։ Կեդ­րո­նա­կան­ցի­նե­րը պատ­րաս­տած են բազ­մա­կող­մա­նի ծրա­գիր մը, որ պի­տի ցո­լաց­նէ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ հա­յոց գրա­կան ան­դաս­տա­նէն ներս ու­նե­ցած դիր­քը։

Ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նար­կին առ­թիւ պատ­րաս­տուած է նաեւ մաս­նա­ւոր գրքոյկ մը, որ մնա­յուն ձեռք­բե­րու­մի մը պի­տի վե­րա­ծուի սոյն ձեռ­նար­կին շար­ժա­ռի­թով։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015