ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ
Կեդրոնական վարժարանի կազմակերպութեամբ կայացաւ Արա Կիւլէրի անուան ձօնուած լուսանկարչական չորրորդ մրցանքը՝ մասնակցութեամբ 100-ամեայ վարժարաններու ներկայացուցիչներուն։ Այս տարուան մրցանքին մասնակցեցան 12 լիսէէ 56 աշակերտ՝ 143 լուսանկարով։
Նախ, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ կատարուեցաւ Արա Կիւլէրի մասին պաստառի ցուցադրութիւն մը, ապա ներկայացուեցան մրցումին մասնակից լուսանկարները։ Այս ցուցադրութեան դաշնակի նուագներով միացաւ Շանթ Էսմէր։
Քանի որ առաջին, երկրորդ եւ երրորդ մրցանակներուն արժանի լուսանկար մը չէր գտնուած՝ մասնակիցներուն տրուեցան խրախուսական մրցանակներ։ Այսպէս, առաջին խրախուսական մրցանակին արժանացաւ Սերայ Ճոշան (Հայտարփաշայի լիսէ), երկրորդին՝ Պարպարոս Աթայ (Կալաթասարայի լիսէ) եւ երրորդին՝ Էլիֆ Պեքեարօղլու (Քապաթաշի լիսէ)։ Բաց աստի, բոլոր մասնակիցներն ալ ստացան մասնակցութեան շնորհակալագրեր։
Այս առթիւ կայացած հանդիսութեան ժամանակ բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան։ Արտայայտուեցան նաեւ դատակազմէն Ռեֆիք Աքեիւզ եւ մրցանա-կակիր աշակերտները։ Ձեռնարկին ներկայ էին Ղալաթիոյ Ս․ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ու Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլու եւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Կարպիս Պալմումճեան։
Սրահին մէջ կայացած հանդէսէն ետք մասնակիցները բարձրացան վերնայարկի սրահը, ուր կը ցուցադրուէին մասնակից լուսանկաները։ Ներկաները պատուասիրուեցան ընդուելութեամբ մը։
Չորրորդ անգամ կայացած մրցանքին դատակազմը կը բաղկանար հետեւեալ անուններէն՝ Արա Կիւլէր, Գրիգոր Սահակօղլու, Ռեֆիք Աքեիւզ, Սիլվա Պինկազ, Մանուէլ Չըթաք, Եաշար Սարաճօղլու եւ Սեչքին Թերճան։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024