ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ մեր կրթական մշակներուն համար՝ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի մասնակցութեամբ կազմակերպուած յատուկ դասընթացքներու շարքը հասաւ իր աւարտին։ Խորքին մէջ օգտաշատ զրոյցներու շարք մըն էր այս մէկը, որու տեւողութեան Զեքիեան Գերապայծառ խորհրդածութիւններ ըրաւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Հայ գիրերու գիւտին վերաբերեալ։ Կրթական մշակներն ալ հնարաւորութիւն ունեցան հարցումներ ուղղելու։ Զրոյցներու շարքը առիթ հանդիսացաւ նաեւ ոգեկոչելու համար վերջին տարուան ընթացքին մահացած կրթական մշակներէն Թագուհի Հալաճեանը, Սիլվա Սէմէրճեանն ու Նուրհան Էքսէրճեանը։ Այս վերջիններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց Եւգինէ Ինճիտիւզէն։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

Մխիթարեան վարժարանի հիւրընկալութեամբ կազմակերպուած դասընթացքներու աւարտին Թրքահայ ուսուցչաց միութեան վարչութեան ատենապետ Կարապետ Մխալեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019