ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ճատրակի խրախճանք մը։ Միջվարժարանային այս ձեռնարկը երկրորդն էր իր նմաններու շարքին։ Խրախճանքի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ հիւրընկալ վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան։ Մասնակիցները հնարաւորութիւն ունեցան տեղեկութիւններ քաղելու ՖԻՏԷ-ի վարպետներէն Տենիզ Արմանի կողմէ։ Խրախճանքը կազմակերպուած էր երեք ուղղութիւնով. ճատրակի խաղ, ճատրակի պատմութիւն ու գիտելիքներ եւ հանելուկներ։

Օրուայ վերջաւորութեան խրախճանքի բոլոր մասնակիցներուն հաւաքած նիշերը հաշուըւեցան եւ յայտնի դարձան դափնեկիրները։

Մրցանակաբաշխման արարողութիւնով աւարտին հասաւ միջվարժարանային այս ձեռնարկի խրախճանքը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019