ՊԷԶՃԵԱՆՑԻՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐՈՒՆ

Պէզճեան Մայր վարժարանի աշակերտները անցեալ շաբաթավերջին Ս. Զատկի առթիւ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր շնորհաւորեցին մնայուն բնակիչներու տաղաւարը։ Տղաքը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի Մարգրիտ Ասլանի կողմէ։ Տղաքը ծերանոցի բաժինը այցելեցին՝ Անիթա Էօսմէի ուղեկցութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիր, կրթական մշակներ եւ այլ պատասխանատուներ։ Պէզճեանցիները դպրոցի ծնողաց միութեան կողմէ պատրաստուած ծրարներն ալ Ս. Զատկի առթիւ նուիրեցին մնայուն բնակիչներուն։

Այս այցելութիւնը մաս կազմեց դպրոցի՝ ընկերային պատասխանատուութիւնները խրախուսելու ուղղեալ ծրագրին։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019