ԲՈՒՌՆ ԲԱՆԱՎԷՃ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ ծագած բուռն բանավէճը այս օրերուն համայնքային շրջանակներու օրակարգը կը բնորոշէ։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր միջեւ ծնունդ առած տարակարծութիւններուն արձագանգները կը քննարկուին զանազան երեսակներով, որովհետեւ անոնք կը վերաբերին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ խնդիրներուն։ Մօտեցումներու, ընկալումներու եւ լուծման հեռանկարներու շուրջ Նորին Ամենապատուութեան եւ Պետրոս Շիրինօղլուի միջեւ ստեղծուած է լուրջ անջրպետ մը։

Այս բոլորի հիման վրայ՝ մանաւանդ երէկ համայնքային մամուլին մէջ կատարուած հրապարակումներու լոյսին տակ, լարուածութեան ազդեցութիւնը կը շարունակուի։ «Թրքահայ վաքըֆներու միութիւն» (ERVAB) կոչուած հարթակին վրայ ալ առկայ սուր բանավէճի դրսեւորումները կը շարունակուին։ ERVAB-ի առցանց փակ խմբակը, որ կը մէկտեղէ համայնքային վարիչները, այս առումով երէկ ունեցած է թէժ օրակարգ։ Ըստ մեզի հասած լսումներուն, այդ փակ հարթակին վրայ տեղի ունեցած են կարծիքի փոխանակումներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շարունակած է միջամուխ ըլլալ բանավէճին։ Պետրոս Շիրինօղլուի՝ մամուլի մէջ լոյս տեսած յայտարարութենէն վերջ ERVAB-ի հարթակին վրայ նախ տիրած է լռութիւն։ Պետրոս Շիրինօղլու հարթակին վրայ տեղեկացուցած է, որ ուղղակիօրէն իր անձին հետ շփման մէջ անցնելով ներկայացուած դրուատիքները անարժէք կը համարէ եւ տեսակէտները պէտք է պարզուին հրապարակաւ՝ ERVAB-ի հարթակին վրայ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընկերային ցանցերու վրայ երէկ հրապարակած է՝ օր մը առաջ ERVAB-ի փակ հարթակին վրայ զետեղած գրութիւնը, որով քննադատած էր Շիրինօղլուն եւ այդ հիման վրայ ալ բանավէճը յորդած էր այդ փակ հարթակի սահմաններէն։ Աւելի վերջ, ան հարթակին վրայ ուղղակի գանգատած է լռութեան մթնոլորտէն եւ ակնկալած է համայնքային կառոյցներու ատենապետներու դիրքորոշումներուն վերահասու դառնալ։ Այլապէս, ըստ Նորին Ամենապատուութեան, ERVAB անխուսափելիօրէն իր կողմէ կ՚որակուի «Üç Maymunlar Kumpanyası»։ Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկացուցած է նաեւ, որ եթէ իր ակնկալած գոհացուցիչ արձագանգը չունենայ, ապա դուրս պիտի գայ ERVAB-ի հարթակէն։

Ստեղծուած իրավիճակին, մասամբ հրահրուած այս մթնոլորտին մէջ ERVAB-ի փակ հարթակին վրայ երեկոյեան ժամերուն բանավէճը շարունակուած է։ Զանազան համայնքային մարմիններու կողմէ հնչեցուած են տեսակէտներ, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ եղած են չափաւոր, բովանդակած են պաղարիւնութեան կոչեր եւ մարդիկ առհասարակ խուսափած են կողմ ըլլալէ։ Այս փուլին Պետրոս Շիրինօղլու գրեթէ մի առ մի պատասխանած է իրեն կատարուած ակնարկութիւններուն կամ համայնքային վարիչներու նկատառման հակափաստարկներ յանձնած է՝ իրեն հասցէագրուած քննադատութիւններուն շուրջ։

Մինչ այս փոթորկալի կացութիւնը կը շարունակուի, Պետրոս Շիրինօղլու այսօր համայնքային մամուլին միջոցաւ երկրորդ ուշագրաւ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկած է։ Այսպէս, ան հրապարակաւ վերանորոգած է իր յարգանքը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նկատմամբ։ Ատենապետ Շիրինօղլուի յայտարարութեան բնագիրը հրապարակուած է մեր այս օրուան Դ. էջին վրայ։ Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին պատրիարքական ընտրութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած էր ցրտութիւն մը։ Այժմ Շիրինօղլու օրինակելի հասունութիւն մը դրսեւորելով համայնքէն ներս ներդաշնակութեան ուղղեալ իր կոչերու ոգիին համապատասխան՝ յանձնառու եղած է Նորին Սրբազնութեան նկատմամբ դրական քայլի մը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 30, 2021