ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ ՍՏԵՂԾԵՑ ՄԵԾ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Երէկ երեկոյեան Սկիւտարի Ժողովրդական կրթութեան կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Գալֆաեան Տան տարեվերջի հանդէսը։ 2017-2018 ուսումնական շրջանի աւարտին այս հանդիսութիւնը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Գալֆաեան ընտանիքին մօտ։ Հանդէսին ներկայ գտնուեցան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Գալֆաեան Տան ընտանիքի պատասխանատուները։ Ծնողներն ու հիւրերը շատ հաճելի ժամանց ունեցան երեկոյթի տեւողութեան։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհիներէն Սիւզան Ավճըի հանդիսավարութեամբ։ Տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով, որոնք արժանացան ջերմ ծափահարութեան։ Ներկայացուեցաւ նաեւ Գալֆաեան Տան պատմութիւնը։ Մանկապարտէզի եւ առաջին դասարանի փոքրիկները ստացան ընթերցման վկայականներ եւ նուէրներ։ Տարեվերջի առթիւ շնորհաւորութեան խօսք մըն ալ արտասանեց դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Երեկոյթի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան՝ հիւրընկալ կեդրոնի տնօրէն Մուսթաֆա Պիւլպիւլին, դաշնակի կամաւոր ուսուցիչ Ուֆուք Վարտարին, փորձագիտութիւններու կամաւոր ուսուցիչ Ճեմ Սոյքէօքին եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանին։ Հանդիսասրահի մուտքին ալ ներկայացուած էր անցեալ տարեշրջանին գալֆաեանցի աշակերտներուն կողմէ կատարուած ստեղծագործական աշխատանքներուն արդիւնքը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 30, 2018