ՇԻՇԼԻԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՆԵՐԸ ՅՈՒՆԻՍԻ 27-ԻՆ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Շիշլի մարզակումբին կողմէ կազմակերպուած ձմրան շրջանի դասընթացները արդէն եզրափակուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Երէկ այս առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան մասնակցեցան ակումբի վարչայիններ, պատանի մարզիկներ, մարզիչներ եւ ծնողներ։ Վարչութեան ատենադպրուհի Տիանա Ալթուն ընդգծեց, որ շուրջ 500 պատանի ակումբի այս նախաձեռնութեան շնորհիւ մարմնամարզը իրենց ընթացիկ կեանքին ներառած են։ Ուստի, անոնք Շիշլիի մեծ ընտանիքի անդամը դարձած են եւ այնտեղ միշտ կը սպասուին ջերմութեամբ։ Տիանա Ալթուն տեղեկացուց նաեւ, որ Գնալը կղզիի մէջ ամրան շրջանին նախատեսուած դասընթացներն ալ պիտի սկսին յունիսի 27-ին։ Ձմրան դասընթացի մասնակիցներուն երէկուան հանդիսութեան ընթացքին յանձնուեցան վկայականներ եւ մետայլներ։
Միւս կողմէ, շիշլիցի մարզիկները կը շարունակեն զանազան ճիւղերու մէջ յաջողութիւններ արձանագրել։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանայ վոլէյպոլի ճիւղը, ուր շիշլիցիները յաջող պայքար մղած են չորս տարբեր դասաւորումներու մէջ։ Թէ՛ առաջին կազմը, թէ՛ աստղերը եւ թէ «միտի»ները հասած են ծափահարելի արդիւնքներու։
Շիշլիի Ա. կազմին մէջ են՝ Քրիստին Կիւլթաշեան, Պերիլ Հանչէր, Մարալ Շիմշէք, Արեւ Շիմշէք, Էճէ Աքկիւն, Հազալ Էմսիզ, Քայրա Թեփսի, Միրայ Էօզեուրթ, Նիքոլ Օնարան եւ Տեսիլ Քարա։
Աստղերու կազմին մէջ են՝ Լոռին Ասուրլաօղլու, Թալիթա Մենչուրօղլու, Արեւ Ալկան, Նորա Ուլուք, Գարուն Ալկան, Տենչա Էրփընար, Մերիէմ Տեմիրճի, Քայրա Թոփալմըղտըս, Օլիվիա Աչըքկէօզ, Արեւ Տաղլեան, Միրա Ուլութաշ, Նիքոլ Եայլա, Թայիս Տողանճըօղլու, Նարօտ Արզուման, Ճուլիանա Վուրալ, Անի Պըչաքճը, Նարէ Տաղլեան, Տերեւ Թուղ։
«Միտի»ներու կազմին մէջ են՝ Լարա Արզուման, Ատրիանա Վուրալ, Նաիրա Թոկաչ, Այլին Մանուկեան, Սելինա Սան, Սառա Պասմաճը, Նիքոլ Նիզամեան, Լիանա Իշսեւէր, Մելանի Իչ, Սառա Քայաքոփարան, Մելիս Պալթա, Լիա Ապրահամօղլու եւ Ճերէն Տեմիրճի։
Վոլէյպոլի առընթեր ֆութսալի մէջ ալ շիշլիցիները գերազանց արդիւնքներու կը հասնին։ Թուրքիոյ ֆութսալի լիկի Ատանայի մէջ կազմակերպուած փուլին հինգ յաղթանակ տարած շիշլիցիները Սամսունի փուլի մրցումներուն մէջ եւս պարտութիւն չունեցան։ Հինգ խաղերու վրայ անոնք ունեցան չորս յաղթանակ ու մէկ հաւասարութիւն։ Յաջորդ՝ երրորդ փուլը, որ պիտի ըլլայ եզրափակիչը, նախատեսուած է 13-16 յունիսին, երբ յայտնի պիտի դառնայ ախոյեանը։
Ի լրումն այս բոլորին, ճատրակի մէջ ալ շիշլիցիներու անանտեսելի յաջողութիւնները կը շարունակուին։ Ակումբի փոքրերու կազմէն Ֆուրքան Թեքքեշին, Ուլաշ Տուլքատիրօղլու դափնեկիր դարձան վերջերս իրենց մասնակցած մրցաշարքերուն մէջ։