Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԷՅԻՒՊԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էյիւպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Սայաթ Մուրատօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ կարծիքի փոխանակումէ ետք, ստացան իր յորդորները։ Ընդունելութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնը տուաւ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց արուարձանային եւ գողտրիկ այս եկեղեցւոյ ի նպաստ գործունէութեանց առընչութեամբ։
Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023