ԽԱՅՏԱԲՂԷՏ ՊԱՏԿԵՐ

Մալաթիոյ շաբաթավերջի իրադարձութիւնները թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգը բնորոշեցին եւ ընկալուեցան շատ խայտաբղէտ համայնապատկերի մը վրայ, ուր անցեալի յիշողութիւններուն ու մերօրեայ իրականութեան վերաբերեալ խորհրդանշանները միահիւսուեցան։ Աւելի քան դարէ մը ի վեր դատարկուած երբեմնի հայաշատ գաւառներու այսօրուան կացութիւնը, առաջին հերթին, յուզում կը յառաջացնէ։ Սա հասկնալի է։ Բայց եւ այնպէս, կայ նաեւ հաւասարակշռիչ գործօն մը։ Արդարեւ, եթէ մինչեւ մօտաւոր անցեալը Թուրքիոյ մէջ առհասարակ կ՚ուրացուէր հայոց անցեալի ներկայութիւնը, ապա այսօր ժամանակները փոխուած են, փոխուած է նաեւ այն մտայնութիւնը, որմէ կը բխէր այդ ուրացումը։ Այս նոր իրավիճակին մէջ, հնարաւորութիւններու սահմաններէ ներս, որոշ չափով կը վերակենդանացուին հայոց անցեալի ներկայութեան հետքերը։ Սա անշուշտ խորհրդանշական մակարդակի վրայ է, բայց նաեւ՝ անանտեսելի։ Ինչպէս Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նշեց Մալաթիոյ մէջ՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու աստիճանական բարելաւումով նման դրական երեւոյթները կրնան ընդհանրանալ։ Արդարեւ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կը դիտարկէ, որ հայերը խնդիրները իրենց տեսանկիւնէն կը դիտարկեն միակողմանիօրէն, սակայն կայ նաեւ մետայլի միւս երեսակը։ Երկրին մէջ տակաւին կան արմատական խաւեր, որոնք խիստ վերապահութիւն ունին նման քայլերու դէմ։ Հետեւաբար, միայն քաղաքական կլիմայի փոփոխութիւնը կրնայ գետին պատրաստել, որպէսզի ղեկավարները այս դրական ուղղութիւնով ընթանալու, այդ մէկը շարունակելու համարձակութիւնը զգան։

Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ վերանորոգուած եւ «Թաշխորան» մշակոյթի կեդրոնի վերածուած երբեմնի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան խանդավառ արարողութիւններ, որոնք մագնիսացուցին ամբողջ թրքահայութեան ուշադրութիւնը։ Շաբաթ առաւօտ քաղաքի ղեկավարութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցած պաշտօնական բացումէն վերջ, յետմիջօրէին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ ու ձեռամբ օծուեցաւ եկեղեցւոյ խորանի Ս. Սեղանն ու վէմ քարը։ Բացի մեր հոգեւորականաց դասու ներկայացուցիչներէն, արարողութեան ներկայ էր նաեւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Ատըեամանի եւ շրջակայից առաջնորդը՝ Կրիկորիոս Մետրապոլիտը (Մելքի Իւրէք)։ Օծման արարողութենէն վերջ շաբաթ օրուայ ծրագիրը եզրափակուեցաւ պաշտօնական ընթրիքով։ «Մալաթիա-ՀԱՅՏԷՐ» միութեան կողմէ, քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուած էր այս ընթրիքը, որու պատուոյ հիւրերն էին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետ Սելահատտին Կիւրքան։ Մինչ այդ, Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական առանձին տեսակցութիւններ ալ ունեցաւ թէ՛ քաղաքապետին եւ թէ Մալաթիոյ կուսակալ Այտըն Պառուշի հետ։

Երէկ առաւօտ ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց՝ այժմ մշակոյթի կեդրոնի վերածուած Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Աւելի քան դար մը անց Ս. Պատարագ կը մատուցուէր այնտեղ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ։

Ս. Պատարագի ընթացքին հաւատացեալներուն մատակարարուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն։

Հուսկ, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որու ընթացքին յիշատակուեցան Մալաթիոյ երբեմնի թեմի վախճանեալ եկեղեցական սպասաւորները, մի առ մի վերյիշուեցան ծանօթ հոգելոյս թեմակալ առաջնորդները, յիշուեցան նաեւ հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր արձակման աղօթքով եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած ամբողջ ծրագիրը հասաւ աւարտին։ Ուխտագնացութեան վերջին փուլին այցելութիւն մըն ալ տրուեցաւ Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատունը, որու մէջ կը գտնուի նաեւ մատուռ մը։ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի հանդիսապետութեամբ գերեզմանատան կեդրոնին կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին յիշատակուեցան ի Տէր ննջած եւ այդ գերեզմանատան մէջ ամփոփուած բոլոր հայորդիները։ Աղօթք մըն ալ տեղի ունեցաւ մատրան մէջ։ Հանդիսադիր հայր սուրբի կողքին էին Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Այս փուլի երգեցողութիւններն ալ կատարուեցան Լուսաւորիչ երգչախումբի անդամներուն կողմէ։

Ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցով շաբաթավերջը այսպէսով եզրափակուեցաւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու իրեն ընկերակից հոգեւոր հայրերը գիշերեցին Մալաթիոյ մէջ։ Նորին Ամենապատուութիւնն ու ընկերակիցները այսօր իսկ օդային ճամբով կը վերադառնան քաղաքս։

   

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021