ՇԻՇ­ԼԻ­ՑԻ­ՆԵ­ՐՈՒ ՎԵՐ­ՋԻՆ ԽԱ­ՂԸ

ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի Եւրոպայի լիկի նախաորակաւորման փուլի F խմբաւորման հանդիպումները, որոնք Քոճաէլիի մէջ կազմակերպուած էին, հասան իրենց աւարտին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս մրցաշարքին մէջ Թուրքիան ներկայացուցած էր Շիշլի մարզակումբը, որ անցեալ տարի երկրի ֆութսալի ախոյեանը հանդիսացած էր։

Շիշլիցիները Քոճաէլիի վերջին հանդիպման 7-4 արդիւնքով պարտութիւն կրեցին Թիֆլիզի «Ճէորճիընս» խումբին դիմաց։ Այսպէսով F խմբաւորման մէջ շիշլիցիները մնացին վերջին հորիզոնականին վրայ եւ զտուեցան նախաորակաւորման փուլին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2022