ՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան տօնին առթիւ երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ։ Հոկտեմբերի 29-ին կապակցութեամբ տօնական պաշտօնական ընդունելութիւն մըն ալ սարքուեցաւ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս պաշտօնական ընդունելութեան հրաւիրուած էին նաեւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կամ աշխարհական առաջնորդները։ Պետական աւագանիէն դէմքերու, քաղաքական գործիչներու, բարձրաստիճան դիւանակալներու, դիւանագէտներու, գեղարուեստի գործարար ու մարզական աշխարհի ներկայացուցիչներուն առընթեր անոնք եւս նախագահ Էրտողանին շնորհաւորութիւններ յղեցին Հանրապետութեան տօնին առթիւ։

Մեր համայնքէն երէկուան ընդունելութեան մասնակցեցան Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան։ Ընդունելութեան ընթացքին նախագահ Էրտողանի ունեցած ելոյթէն վերջ անոնք ձեռնուելով փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքը։

Պետրոս Շիրինօղլու եւ Հերման Պալեան ընդունելութեան ընթացքին զրուցեցին Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյի եւ իր նորանշանակ տեղակալին՝ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, նոր կառավարման համակարգով Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կապուած է Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան։ Իսկ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան փոխ-նախարար նշանակուած է վաքըֆներու գծով։

Շիրինօղլու եւ Պալեան երէկուան ընդունելութենէն անմիջապէս վերջ վերադարձան քաղաքս։

Բաց աստի, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայայի կողմէ սարքուած տօնական ընդունելութեան յանուն Պատրիարքական Աթոռին մասնակցեցան դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։  

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019