«ԼՈՅՍ»Ի ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍՈՎ ՄԸ
Շաբաթավերջին Լեւենտի «WYNDHAM GRAND» պանդոկին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով մը նշուեցաւ «Լոյս» երկշաբաթաթերթի հիմնադրութեան երկրորդ տարեդարձը։ Պարահանդէսի ձեւաչափով կազմակերպուած էր այս տարեդարձի հաւաքոյթը, որու առաջին փուլին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն յաջորդեց ճաշկերոյթ մը։ «Լոյս»ի արտօնատէր Արամ Գուրան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Երկշաբաթաթերթի հիմնադրութեան տարեդարձին առընթեր կատարուեցաւ նաեւ «Լոյս»ի կողմէ կազմակերպուած տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը։ Յանուն թերթի խմբագրութեան արտայայտուեցաւ Շահնուր Գազանճը։
Երեկոյթի մասնակիցներու շարքին էին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ համայնքային շրջանակներէն բազում յայտնի դէմքեր։
«Վալս» նուագախումբին կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով ներկաները հաճելի ժամանց ունեցան մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։ Ձեռնարկի ամենայատկանշական հանգրուանն էր «Լոյս»ի երկրորդ տարեդարձին ձօնուած կարկանդակի հատուիլը։