«ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ…»

Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի (ՀԱՀ) վե­րա­տե­սուչ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան եւ փոխ-վե­րա­տե­սուչ Ա­շոտ Ղա­զա­րեան ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձան՝ ա­ւար­տե­լով Իս­թան­պու­լի ի­րենց շփում­նե­րը, ո­րոնք շա­բա­թա­վեր­ջին ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցան հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։

Շա­բաթ ա­ռա­ւօտ հիւ­րե­րը այ­ցե­լե­ցին Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց, ուր հա­մախմ­բուե­ցան խումբ մը հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու հետ։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ ող­ջու­նեց Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեանն ու Ա­շոտ Ղա­զա­րեա­նը։ Ներ­կայ էր նաեւ Սեւ Ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­­ւա­գեան։ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի այս հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան ըստ էու­թեան վար­ժա­րան մը հո­վա­նա­ւո­րող հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) հա­մա­կարգ­ման խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը։ Հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս հիւ­րե­րը կա­տա­րե­ցին շրջայց մը՝ ծա­նօ­թա­նա­լով այս հաս­տա­տու­թեան յար­կէն ներս մա­տու­ցուած բազ­մա­կող­մա­նի ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն, ա­նոր թեք­նիկ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ ֆի­զի­քա­կան պայ­ման­նե­րուն։ Ի­րենց տե­սա­կէ­տէ ա­ռանձ­նա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էր «Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու» թան­գա­րա­նին ծա­նօ­թա­նա­լը։

Ա­ւե­լի վերջ, ճա­շա­սե­ղա­նի շուրջ հա­մախմ­բուե­լով ան­մի­ջա­կան զրոյց ծա­ւա­լե­ցին ներ­կա­նե­րը, մինչ հիւ­րե­րը ա­նոնց նկա­տառ­ման յանձ­նե­ցին ՀԱՀ-ի ու­նե­ցած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ խոս­տա­ցած հե­ռան­կար­նե­րը։

Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ վերջ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան եւ Ա­շոտ Ղա­զա­րեան ան­ցան «Հրանդ Տինք» հիմ­նարկ, ուր Թուր­քիոյ շարք մը կա­րե­ւոր հա­մալ­սա­րան­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ ու­նե­ցան հա­ւա­քոյթ մը։ Հարկ է նշել, որ հիւ­րե­րու ծրագ­րին այս փու­լը կազ­մա­կեր­պուած էր դռնփակ։ Մա­մու­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն չըն­ձե­ռուե­ցաւ նոյ­նիսկ նկա­րա­հա­նում­նե­րու հա­մար։

Օ­րուան ա­ւար­տին Տէր-Կիւ­րե­ղեան եւ Ղա­զա­րեան ան­ցան Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հը, ուր նա­խա­տեսուած էր ի­րենց հան­դի­պու­մը հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու հետ։ Այս փու­լին մաս­նակ­ցու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւ­նը թէեւ շատ բարձր չէր, սա­կայն հիւ­րե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան կո­կիկ թի­ւով մաս­նա­կից­նե­րու փո­խան­ցել ի­րենց պատ­գա­մը։

Ե­րե­կո­յեան ա­նոնք շրջագա­յու­թիւն մը կա­տա­րե­ցին Իս­թան­պու­լի մէջ՝ «Հայ­ճար»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ։ Տքթ. Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան Իս­թան­պու­լէն հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ այս այ­ցե­լու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ մե­զի փո­խան­ցեց իր հա­կիրճ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ան շեշ­տեց, որ եր­կօ­րեայ այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ըն­թաց­քին շատ լաւ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցած է իս­թան­պու­լա­հա­յու­թեան, մա­նա­ւանդ ա­նոր ե­րի­տա­սար­դու­թեան մա­սին։ «Զգա­ցինք, որ բա­ւա­կան հե­տաքր­քրու­թիւն յա­ռա­ջաց­նել կա­րե­լի ե­ղաւ մեր հա­մալ­սա­րա­նին նկատ­մամբ։ Ցայ­սօր մենք նոյ­նիսկ մէկ ու­սա­նող չենք ու­նե­ցած Թուր­քիա­յէն՝ հայ կամ ոչ, իսկ հի­մա վստահ եմ, որ այդ ճա­նա­պար­հը պի­տի բա­ցուի», ը­սաւ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին ի­րենք պէտք է աշ­խա­տին՝ որ­պէս­զի ՀԱՀ-ի վկա­յա­կա­նը վա­ւե­րա­կան հա­մա­րուի Բարձ­րա­գոյն ուս­ման խոր­հուր­դին (YÖK) կող­մէ։ Ան հա­մո­զուած է, որ ՀԱՀ-ի Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մօտ ու­նե­ցած հա­ւա­տար­մագ­րու­թիւ­նը նպաս­տա­ւոր գոր­ծօն մը կրնայ հան­դի­սա­նալ այս ուղ­ղու­թեամբ։

Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան մեր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծեց իր բա­ցա­ռիկ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մա­սին։ Ըստ ի­րեն, Իս­թան­պու­լի մէջ հայ­կա­կան նման հի­ւան­դա­նո­ցի մը գո­յու­թիւ­նը իս­կա­կան հիա­ցու­մի եւ հպար­տու­թեան ա­ռիթ մը կը հա­մա­րուի իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Թուր­քիոյ հա­մալ­սա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ի­րենց ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թեան՝ Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան փո­խան­ցեց նոյն­պէս դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Ան յայտ­նեց, որ ի­րենց երկ­խօս­նե­րը լայ­նա­միտ, յա­ռա­ջա­պահ ու մտա­ծող մար­դիկ էին։ Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին շօ­շա­փուած է Թուր­քիոյ մէջ պատ­մու­թեան ու­սուց­ման խնդի­րը եւ ար­դէն տե­ղա­կան հա­մալ­սա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեա­նի ու­շադ­րու­թեան յանձ­նած են այ­լընտ­րան­քա­յին մօ­տե­ցում­ներ որ­դեգ­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Տէր-Կիւ­րե­ղեան յայտ­նեց, որ ի­րենք կա­րե­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յեն նման միջ­հա­մալ­սա­րա­նա­կան շփում­նե­րուն եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րուն նկատ­մամբ։ Թէ ինչ­պի­սի հու­նի մը մէջ կրնան զար­գա­նալ յա­ռա­ջի­կայ քայ­լե­րը. Տէր-Կիւ­րե­ղեա­նի խօս­քե­րով՝ տա­կա­ւին յայտ­նի պի­տի դառ­նան ա­պա­գա­յին։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Ար­մէն Տէր-Կիւ­րե­ղեան քիչ մըն ալ զար­ման­քով մե­զի յայտ­նեց, որ Թուր­քիոյ հա­մալ­սա­րան­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ լուրջ հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րուի հայ­ե­րէ­նի ու­սուց­ման, հա­յե­րէն գիտ­ցող մաս­նա­գէտ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան նիւ­թե­րուն նկատ­մամբ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015