ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՑՆԾՈՒԹԻՒՆ

Սա­մա­թիոյ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ ցնծու­թեան օր մը։ Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սու հիմ­նադ­րու­թեան 312-րդ եւ Սա­հա­կեան երգ­չա­խում­բի կազ­մա­ւոր­ման 77-րդ կրկ­նակ տա­րե­դարձ­նե­րը նշուե­ցան իս­կա­կան տօ­նախմ­բու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։ Կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ու փայ­լուն ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը կրկնակ տա­րե­դարձ­նե­րուն առ­թիւ իս­կա­պէս ապ­րե­ցաւ մեծ ցնծու­թիւն՝ հեր­թա­կան ան­գամ ար­ժե­ւո­րե­լով թա­ղի խոր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք պայ­մա­նա­ւո­րուած են Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին հետ։

Ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ ե­րէկ լե­ցուած էր Ս. Գէորգ ե­կե­ղե­ցին, ուր պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին դպրա­պետ Խա­չիկ Սրկ. Սա­րը­լը, Ա­լէն-Տի­րան Սրկ. Ներ­կիզ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի։ Հան­դի­սա­դիր Հայր Սուր­բը խօ­սե­ցաւ օ­րուան ի­մաս­տին հա­մա­հունչ քա­րոզ մը, իսկ Ս. Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի հան­գու­ցեալ հիմ­նա­դիր­նե­րը, նա­խա­գահ­նե­րը, դպրա­պետ­նե­րը, ե­րաժշ­տա­պետ­նե­րը, բո­լոր ան­դամ­ներն ու սա­տա­րող­նե­րը։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ, յա­րա­կից «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ սար­քը-ւե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Ներ­կայ էին Հայր Սուր­բը, Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, քոյր դպրաց դաս-երգ­չա­խում­բե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Տնօ­րէն խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ղու­կաս Ար­զու­ման եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին հա­ւա­քոյ­թի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Մա­րի Ար­զու­մա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Տնօ­րէն խոր­հուր­դի տե­ղե­կա­գի­րը ներ­կա­յա­ցուց Սէր­լի Զէ­քի։ Երգ­չա­խում­բի ե­րէց ան­դամ­նե­րէն Հարի­թոն Մու­րա­տօղ­լու եւ Վա­րու­ժան Յա­կո­բեան պատ­մե­ցին յու­շեր։ Փոք­րիկ­ներ՝ Նո­րին Ար­զու­ման եւ Նուէր Զէ­քի հան­դէս ե­կան ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։ Մե­ներ­գե­ցին Գա­րին Սուս­մաք, Հռիփ­սի­մէ Մէյ­տան, Ղու­կաս Ար­զու­ման եւ Խա­չիկ Սա­րը­լը։ Սե­ւան Ա­կօ­շեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ երգ­չա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց նաեւ խմբերգ­ներ։ Ցու­ցադ­րուե­ցաւ նաեւ տե­սաե­րիզ մը՝ Սա­հա­կեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի վեր­ջին շրջա­նին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած դէ­պի Ե­րուս­աղէմ, Կե­սա­րիա եւ Վա­քըֆ­լը­գիւղ ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեա­նի հուսկ բան­քով եւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015