ԴԷՊԻ ԻԶՆԻՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Գատըգիւղէն խումբ մը հաւատացեալներ նախընթաց օր ուխտագնացութիւն մը կատարեցին դէպի Իզնիք (Նիկիա)։ Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան առաջնորդեցին ուխտաւորներու խումբը։ Եկեղեցիէն ներս կազմակերպուած Ս. Գրային սերտողութեանց մասնակից տիկիններէն բաղկացած էր ուխտաւորներու խումբը։ Նկատի ունենալով, որ անոնք «Նիկիոյ հանգանակ»ի մասին տեղեկութիւններ ստացած էին՝ այդ հիման վրայ կազմակերպուած էր այս ուխտագնացութիւնը։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն օժանդակեց Տարօն Էօզունճեան։

Իզնիքի մէջ ուխտագնացութեան մասնակիցները առիթն ունեցան մօտէն ճանչնալու համաքրիստոնէական նշանակութեամբ սրբավայրերն ու յուշակոթողները եւ անոնց մթնոլորտը շնչելով՝ լրացուցին իրենց գիտելիքները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2017