ՈՂԲԱՑԵԱԼ ՄԱՐԻԱՄ ԳԱԼԱՅՃԸԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Երէկ յետմիջօրէին, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մարիամ Գալայճըի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, մեր համայնքի երէց սերունդի համակրելի դէմքերէն Մարիամ Գալայճը նախընթաց օր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ կնքած էր մահկանացուն եւ իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած էր համայնքային շրջանակներէ ներս։ Մարիամ Գալայճը զոքանչն է համայնքային մամուլի բազմամեայ սպասաւորներէն, մեր պաշտօնակից «Մարմարա» օրաթերթի ընտանիքէն Կարօ Համամճեանի։
Ֆէրիգիւղի եկեղեցին երէկ յետմիջօրէին լեցուած էր բազմաթիւ յուղարկաւորներու կողմէ, որոնք իրենց վերջին յարգանքը մատուցին հանգուցեալին նկատմամբ եւ վշտակցեցան անոր հարազատներուն։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։
Հանգուցեալներու մերձաւորներու ցաւը բաժնելու փութացած էին նաեւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն բազմաթիւ պատասխանատուներ եւ համայնքէն զանազան դէմքեր։
Յուղարկաւորութեան աւարտին նորոգ հանգուցեալ Մարիամ Գալայճըի անշունչ մարմինը փոխադրուեցաւ Հալըճըօղլուի գերեզմանատունը, ամփոփուելու համար ընտանեկան դամբարանին մէջ։