ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ առաւօտ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանէն բարձրաստիճան հիւր մը։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունեց Սուրբ Աթոռի Քրիստոնէից միութեան խրախուսման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխը, որ այսօր քաղաքս կ՚այցելէ մասնակցելու համար Յունաց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձին՝ Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնակատարութիւններուն։ Սիրալիր զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնն ու կարտինալը անդրադարձան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու օրակարգի զանազան երեսակներուն եւ կարծիքի փոխանակումներ ունեցան աշխարհի առկայ շարք մը հարցերուն շուրջ՝ մասնաւորապէս համավարակի հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ։ Ի յիշատակ այցելութեան՝ Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը կարտինալին նուիրեց հայկական ձեռակերտ փայտեայ խաչքար մը։ Պատրիարքարանի համալիրէն ներս Նորին Ամենապատուութիւնը բարձրաստիճան հիւրին ցոյց տուաւ նաեւ թանգարանը։

Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ օր մը առաջ ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Կարտինալ Քոխի կողմէ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին ի պատիւ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ Թաքսիմի «Grand Hyatt» պանդոկին մէջ։ Սեղանակիցներու շարքին էին քաղաքիս այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021