ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳԸ

Էսաեան սանուց միութեան վարչութիւնը երէկ երեկոյեան համայնքային շրջանակներու նկատառման յանձնեց պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որ ուղարկուած է նաեւ մամուլին։ Հրապարակուած այս յայտարարութիւնը, դժբախտաբար, ջուրի երես կը հանէ Էսաեան սանուց միութեան եւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին միջեւ վերջին շրջանին յառաջացած ցաւալի տագնապը, որու վերաբերեալ խօսակցութիւնները շրջանառութեան մէջ մտած էին վաղուց։

Երէկուան յայտարարութիւնով վարչութիւնը տեղեկացուցած է, որ պարտաւորուած է միութեան սրահին մէջ նախատեսուած ձեռնարկ մը ջնջելու։ Ստիպողական այս քայլին տուն տուած է Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին կողմէ սրահի գործածութեան դէմ դրուած արգելքը։ Համայնքային շրջանակները միջոցէ մը ի վեր կը հետեւին, որ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը սահմանափակումներ խնդրոյ առարկայ դարձուցած է Էսաեան սանուց միութեան գործունէութեան պարագային։

Երէկ երեկոյեան հրապարակուած յայտարարութեան մէջ միութեան վարչութիւնը բաւական մեծ դառնութիւնով եւ ընդվզումով, նաեւ յուսալքութեամբ դիմած է համայնքին։ «Մենք գիտենք, որ հանրային կարծիքի նկատառման յանձնուած այս զեկոյցէն վերջ շատ բան պիտի չփոխուի։ Մենք դարձեալ պիտի չկարողանանք իրականացնել մեր ծրագրաւորուած ձեռնարկները։ Պիտի չկարողանանք օգտագործել մեր միութիւնը՝ մեր միութեան դահլիճը, զոր 1947 թուականէն ի վեր մեր վարժարանին հետ միասնաբար կ՚օգտագործէինք։ Դժբախտաբար կը գիտակցինք այս բանը», նշուած է յայտարարութեան մէջ եւ յիշեցուած, որ վարչութիւնը կը ձգտի պարզապէս պատմութեան համար նշում մը ընել։

Բաց աստի, յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Էսաեան սանուց միութիւնը եւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց հաստատութիւնը ապագային ալ պիտի գոյատեւեն։ «Մեր հաւաքականութիւնը պէտք չէ մոռնայ, որ 2000-ական թուականներու առաջին քառորդին, վիճելի թաղային խորհուրդ մը չէ արտօնած, որ մեր սեփական միութեան դահլիճը կարողանանք օգտագործել մեր հաւաքականութեան ծառայութիւն մատուցելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ՝ մշակոյթի ու գեղարուեստի նկատմամբ նախանձախնդրութեան, նաեւ սիրոյ ու յարգանքի պակասի ընդգծումով։ Վարչութիւնը տեղեկացուցած է, որ առկայ բոլոր խոչընդոտներով հանդերձ կը ձգտի շարունակել իր ճանապարհը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021