ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Էսաեան վարժարանին մէջ երէկ մանկապարտէզի Ամանորի խրախճանքին առթիւ ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Վարժարանի սրահին մէջ տօնական ցնծութիւն ստեղծուեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու համախմբումով։ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը ողջունելու հանգրուանին փոքրիկներուն ուրախակից ըլլալու փութացած էին նաեւ իրենց ծնողները։
Հաւաքոյթի ընթացքին շնորհաւորական խօսք մը արտասանեց Էսաեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ։ Աւելի վերջ տղաքը գործադրեցին օրուան յայտագիրը, որ պատրաստուած էր վերահսկողութեամբ դպրոցի մանկապարտիզպանուհիներուն՝ Աղաւնի Հալաճեանի, Նատիա Շիլէլեանի, Ժպիտ Իսքէնտէրօղլու-Քալայճըի, Անի Ճանքարտէշի, Առլին Շահպազ-Շերեմէթի եւ Թամար Քէշիշեանի։
Փոքրիկները իրենց յաջող ելոյթներով արժանացան ծափողջոյններու եւ զուգահեռաբար դահլիճ մուտք գործեց Կաղանդ պապուկը։ Իր ժամանումը ա՛լ աւելի ոգեւորեց փոքրիկները, որոնք ստացան իրենց նուէրները եւ նկարահանուեցան Կաղանդ պապուկին հետ։ Էսաեանի մանկապարտէզի խրախճանքը աւարտին հասաւ բարեմաղթանքներու փոխանակումով՝ մանկապարտիզպանուհիներուն, փոքրիկներուն եւ ծնողներուն միջեւ։