ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Ս. Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ա­ւան­դա­կան հա­ւա­քոյ­թով մը ող­ջու­նեց 2016 թուա­կա­նը։ Ծա­նօթ է, որ ա­մէն տա­րի Դպրե­վան­քի եր­դի­քին տակ մաս­նա­ւոր ընթ­րիք մը կը կազ­մա­կեր­պուի Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծննդեան շրջա­նին։ Այս ա­ւան­դու­թիւ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, երբ Դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քը թարմ յոյ­սե­րով եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով դի­մա­ւո­րեց Նոր տա­րին։

Ընթ­րի­քի սե­ղա­նին նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Տ. Զա­քէոս Ծ. Վրդ. Օ­հա­նեան եւ Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան։

Տա­րե­մու­տի հրճուան­քի մթնո­լոր­տին մէջ ե­րե­կոյ­թի յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ Ան­նա Թեր­զիի եւ Սե­ւան Ժան Յա­կո­բեա­նի։ Ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին խնամակալութեան ատենա-պետ Թո­րոս Ալ­ճան եւ տնօրէն Ար­մէն Սա­րու­խա­նեան։ Տղա­քը հան­դէս ե­կան սքէչ­նե­րով։ Դաշ­նա­կի նուագ­ներ կա­տա­րե­ցին Ռե­պե­քա Սուս­մաք եւ Մա­սիս Քա­փը։ Ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­ցիչ Յու­սիկ Սաք­մա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ վար­ժա­րա­նի երգ­չա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց եր­գեր։ Այս հանգ­րուա­նին մե­ներգ­նե­րով հան­դէս ե­կան Լին­տա Չա­րըք­լըեան եւ Լա­ռա Տա­նա­ճըօղ­լու։

Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեանն ալ հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րուն դի­մեց ող­ջոյ­նի խօս­քով մը, իսկ ե­րե­կոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դի հուսկ բան­քով։ Այս առ­թիւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան Ս. Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն մաղ­թեց բա­րի Ա­մա­նոր մը։ Ան ը­սաւ, թէ մաղ­թանք­նե­րը որ­քան որ ալ ըլ­լան դրա­կան՝ աշ­խար­հի առ­կայ ըն­թաց­քը ներ­կա­յիս մտա­հո­գու­թեան պատ­ճառ կը դառ­նայ բո­լո­րին մօտ։ Մեր հա­մայնքն ալ չի կրնար մնալ ան­տար­բեր, ո­րով­հե­տեւ մա­նա­ւանդ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով կը տու­ժեն նաեւ հա­յեր։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յայտ­նեց, թէ հա­մայն­քը չի կրնար ան­տար­բեր մնալ մեր ազ­գա­կից­նե­րու, ա­րե­նա­կից­նե­րու դի­մագ­րա­ւած ող­բեր­գու­թեան պա­րա­գա­յին։ Ան դի­տել տուաւ, թէ ներ­կա­յիս Եոզ­ղա­տի մէջ ա­պաս­տան գտած են Ի­րա­քէն գաղ­թած հա­յեր եւ տա­կա­ւին ստոյգ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու պա­կա­սով հան­դերձ՝ շրջա­գա­յու­թեան մէջ կը գտնուին բա­զում տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց Թուր­քիոյ զա­նա­զան քա­ղաք­նե­րուն մէջ կան հայ գաղ­թա­կան­ներ։ Վեր­ջերս յայտ­նա­բե­րուած է, որ Տիւզ­ճէի մէջ կը գտնուին եւս ե­րե­սուն հա­յեր։ Սու­րիոյ ի­րադ­րու­թիւ­նը տեղ­ւոյն հա­յե­րուն տե­սա­կէ­տէ օր­հա­սա­կան պայ­ման­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է։ Այս բո­լո­րի լոյ­սին տակ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծեց, թէ հա­մայն­քը պէտք է օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րէ գաղ­թա­կան­նե­րուն։

Ա­ւե­լի վերջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը խօսք ուղ­ղեց Ս. Խաչ դպրե­վան­քի սա­նե­րուն ու շեշ­տեց, թէ դպրո­ցի եր­դի­քին տակ կը թե­ւա­ծեն մեր նախ­կին պատ­րիարք­նե­րու հո­գի­նե­րը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շեշ­տեց նաեւ, որ թէեւ այ­սօ­րուան ձե­ւա­չա­փին մէջ Ս. Խաչ դպրե­վան­քը հիմ­նուած է 1950-ա­կան­նե­րուն, սա­կայն մեր ի­րա­կա­նու­թեան մօտ ար­դէն շուրջ 700 տա­րիէ ի վեր գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է դպրե­վանք մը։ Հե­տե­ւա­բար, ան մե­րօ­րեայ ա­շա­կեր­տու­թեան յոր­դո­րեց գի­տակ­ցիլ այդ ժա­ռան­գու­թեան եւ ըլ­լալ ա­նոր ար­ժա­նի յա­ջոր­դը։

Դպրե­վանք­ցի­նե­րու Ա­մա­նո­րի հա­ւա­քոյ­թը ա­ւար­տին հա­սաւ միաս­նա­կան ա­ղօթ­քով։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2015