ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Երէկ, Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք։ Ցերեկոյթի ընթացքին դպրոցի սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։ Հանդէսի ընթացքին բաժնուեցան նաեւ Մխիթարեան սանուց միութեան՝ արդէն աւանդական «500 ծիծղուն աչք» ծրագրի շրջանակին մէջ դպրոցի փոքրիկներուն վիճակած նուէրները։ Էսաեան վարժարանի նախակրթարանի բաժնի 1974 թուականի շրջանաւարտներն ալ այս տարի անակնկալներ վերապահած էին փոքրիկներուն համար։ Ի լրումն այս բոլորին, վարժարանի կամաւոր հոգաբարձուներուն՝ Դալար եւ Արթօ Հորոզօղլուներուն կողմէ պատրաստուած նուէրներն ալ բազմապատկեցին տղոց ուրախութիւնը։

Այսպէսով, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ բարեմաղթութիւններ փոխանակուեցան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2021