Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԱՄԱՆՈՐԸ
Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ կը դիմաւորէ Նոր տարին։ Շիշլիցիներուն համար այս տարիները արտասովոր նշանակութիւն ունին, որովհետեւ ակումբը կ՚ընթանայ դէպի հիմնադրութեան 100-ամեակը։
Վարչութիւնը բոլոր մարզաձեւերու մարզիկներուն համար կազմակերպեց Ամանորի տօնակատարութիւններ, որոնց ընթացքին բոլորը զիրար շնորհաւորեցին ջերմօրէն։ Ձմրան դասընթացքներու մասնակից պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներն ալ անմասն չմնացին այս ոգեւորութենէն։ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները սիրով շրջապատեցին մարզիկներն ու մարզիչները, որոնց յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 30, 2024