7-ԱՄԵԱՅ ՏԻԳՐԱՆ ԷՕԶՊԻՒԼՊԻՒԼԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Ճատրակի դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, վերջերս Անթալիայի մէջ կազմակերպուեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը։ Փոքրերու եւ աստղերու տարիքային համեմատութիւններուն համաձայն կազմակերպուած էր այս մրցաշարքը, որու արդիւնքին փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեց մեր համայնքէն Տիգրան Էօզպիւլպիւլ։ Եօթ տարեկաններու դասաւորման մէջ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ ինն մրցումի վրայ ութ յաղթանակ ապահովելով նուաճեց մրցաշարքի երկրորդ հորիզոնականը։

Այս մրցաշարքը ցայսօր Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուածներուն մեծագոյնն էր։ 7-18 տարեկաններու միջեւ 2810 մարզիչ մասնակցեցաւ մրցաշարքին։ 7 տարեկանի տարիքային դասաւորման մէջ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներու առաջինները մրցակցութիւն յառաջ տարին եւ այդ 227 մարզիկներու շարքին Տիգրան Էօզպիւլպիւլ ունեցաւ փայլուն յաջողութիւն մը։ Ան նուաճեց երկրորդ շարքը եւ արժանացաւ բարձր գնահատանքի։ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ, որ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի առաջին դասարանի սաներէն մին է, Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան կողմէ հասցուած ամենափոքր մարզիչի տիտղոսը կը կրէ։ Ան չորսուկէս տարեկանէն ի վեր կը զբաղի ճատրակով եւ Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան վարչութեան նախագահ Առնօ Կարապետեանի անմիջական վերահսկողութեան տակ կը շարունակէ իր աշխատանքները։

Մրցաշարքէն ներս Տիգրան Էօզպիւլպիւլի երջանկութիւնը բաժնեցին նախ իր ծնողքը՝ Շանթ-Ալին Էօզպիւլպիւլ ամոլը, ինչպէս նաեւ իր ուսուցիչը՝ Առնօ Կարապետեան։

Այս յաջողութեան հիման վրայ Տիգրան Էօզպիւլպիւլ իրաւունք շահեցաւ Թուրքիոյ Ճատրակի ազգային հաւաքականի աշխատանքներուն մասնակցելու։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տիգրան Էօզպիւլպիւլը եւ նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 31, 2018