ԹՐՔԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՎԵՐԱՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ՀԱՅՐ ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆԻ ԱՌՁԵՌՆ ԲԱՌԱՐԱՆԸ

Կը տեղեկանանք, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերահրատարակած է՝ Մխիթարեան ուխտէն հոգելոյս Հայր Արիստակէս Վրդ. Պօհճալեանի բացատրական Առձեռն բառարանը։ 1975 թուականին, հեղինակի թոյլտուութեամբ այս բառարանը հրատարակուած էր Ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ։ Ներկայիս աւելի քան չորս տասնամեակ անց Ուսուցչաց հիմնարկը վերահրատարակած է բառարանը։ Այդ ժամանակ մետաղեայ ձուլածոյ տառերով շարուած բառարանը այս անգամ վերահրատարակուած է արդիական պայմաններով։ Ուսուցչաց հիմնարկի անձնակազմէն Լինտա Կիւլպաղ նոյնութեամբ մեքենագրած է գործը։ Սրբագրութիւնները կատարուած են միութեան վարչութեան անդամներէն Մարի Գարագաշեան-Օզինեանի եւ Արամ Գամպուրեանի կողմէ։ Աւելցուած է այբուբենի տառերու համապատասխան թիւերու եւ բառարանի մէջ իւրաքանչիւր տառի սկզբնական էջի թիւերու ցանկերը։ Վերահրատարակութեան առթիւ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութիւնը երախտագիտութեամբ վերյիշած է հոգելոյ Հայր Արիստակէս Վրդ. Պօհճալեանը։

Հարկ է նշել, որ այս բառարանը երկար ատենէ ի վեր եղած է անմիջականօրէն օգտագործուած աղբիւր մը։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019