ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԵՏՐՈՍ ԱԴԱՄԵԱՆԻ ՇԻՐԻՄԸ

Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ, գլխա­ւո­րու­թեամբ հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի, Հա­մաշ­խար­հա­յին թատ­րո­նի օ­րուան առ­թիւ, Մար­տի 27-ին, այ­ցե­լե­ցին մե­ծա­նուն դե­րա­սան Պետ­րոս Ա­դա­մեա­նի (1849-1891) շի­րի­մը։ Պետ­րոս Ա­դա­մեան հայ թատ­րո­նի պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ խա­ղա­ցած է Համ­լէ­թի դե­րը, 1880-ին։ Ան հե­ղի­նա­կած է «Շեքս­պիր եւ իւր Համ­լէտ ող­բեր­գու­թեան աղ­բիւրն ու քննա­դա­տու­թիւն­ներ» հա­տո­րը, ինչ­պէս նաեւ զբա­ղած է գե­ղան­կար­չու­թեամբ, գրի ա­ռած՝ քեր­թուած­ներ։ Թիֆ­լի­զի հայ­կա­կան թատ­րո­նը ցարդ կը կո­չուի Պետ­րոս Ա­դա­մեա­նի ա­նու­նով։

Մխի­թա­րեան­ցի­ներ այ­ցե­լե­ցին նաեւ բա­նաս­տեղծ ու թա­տե­րա­գիր Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի (1828-1868) եւ դե­րա­սան ու թա­տե­րա­գիր Սրա­պիոն Հէ­քի­մեա­նի (1832-1892) շի­րիմ­նե­րը։ Պէ­շիկ­թաշ­լեան ու Հէ­քի­մեան կը հա­մա­րուին ա­րեւմ­տա­հայ կա­նո­նա­ւոր, ար­հես­տա­վարժ թատ­րո­նի հիմ­նա­դիր­նե­րը։

Շիշ­լիի հայ կա­թո­ղի­կէ գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ շրջե­լով, տղա­քը տե­սան կայ­սե­րա­կան գան­ձու նա­խա­րար Մի­քա­յէլ փա­շա Փոր­թու­գա­լի (1842-1897), պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեայ Յով­հան­նէս փա­շա Սա­գը­զի (1836-1912), վի­պա­գիր Յով­սէփ Վար­դան փա­շա­յի, Ա­զա­րեան ու Նու­րի­ճան մե­ծա­նուն ըն­տա­նիք­նե­րու շի­րիմ­նե­րը եւ ծա­նօ­թու­թիւն­ներ ստա­ցան յի­շեալ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։

 

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2015