ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՍԵՄԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի հանդէս մը, որ ձօնուած էր Ս. Զատկուան։ Մանկապարտէզի փոքրիկները այս առթիւ ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն։ Անոնց միացած էին նաեւ շարք մը փոքրիկներ, որոնք կը պատրաստուին դպրոց սկսելու։
Օրուան ծրագրին շրջագծով, տղաքը նախ համախմբուեցան Թարգմանչաց վարժարանի սրահին մէջ։ Ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր մը՝ երգերով, պարերով եւ արտասանութիւններով։
Աւելի վերջ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ստացան Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի օրհնութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Օրթագիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսկէնտէր Շահինկէօզ եւ իր ընկերները, Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան, տնօրէն Արաս Տելիճէ, Օրթագիւղի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան խորհրդականներէն Նուրհան Փալաքօղլու եւս մասնակցեցան այս խրախճանքին։