ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇԱՀԵԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան աշակերտներու ուղղեալ յաջորդական շահեկան բանախօսութիւններ: Վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուղեցոյց կեդրոնի կարգադրութեամբ Ս. Յակոբ հիւանդանոցէն երկու մասնագէտներ տղոց հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեցին արբունքի շրջանի մասին:
27 Մարտ Երկուշաբթի օր միջնակարգի արական սեռի աշակերտները լուսաբանելու համար վարժարան փութացած էր յայտնի միզաբան Տոց. Տքթ. Տողան Պաշաք: Իսկ 28 Մարտ Երեքշաբթի օր այս անգամ միջնակարգի իգական սեռի ներկայացուցիչները լուսաբանուեցան կնոջական հիւանդութիւններու մասնագէտ Տքթ. Ըրմաք Պիրճանի կողմէ: Զոյգ բանախօսութիւններուն ալ մասնագէտ բժիշկները յաջողեցան շուտով իջնել տղոց մակարդակին եւ լեզու գտնել անոնց հետ: Արբունքի շրջանը իր ընդհանուր գիծերով սահմանելէ ետք բժիշկները մասնաւորապէս ծանրացան արբունքի շրջանի տեւողութեան ճիշդ սննդառութեան, առողջապահութեան և մաքրութեան կարեւորութեան վրայ: Երկու հանդիպումի բանախօսութեան աւարտին ալ տղաքը առիթն ունեցան հարցումներ ուղղելու մասնագէտներուն եւ իրենց միտքը զբաղեցնող նիւթերու շուրջ ստացան հարկ եղած լուսաբանութիւնները: