ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԻՖԹԱՐ

Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ իֆթար մը։ Այսպէս, ընթրիքի հրաւիրուած էին Ազգային կրթութեան նախարարութենէն պաշտօնատարներ եւ շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներ։ Նոյն սեղանին շուրջ էին նաեւ Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։ Մխիթարեանի ընտանիքը նոյն առթիւ հիւրասիրեց Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայն ու համայնքային շրջանակներէն այլ ծանօթ դէմքեր։ Բոլոր ներկաները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան Վանատան մատակարար մարմնի ատենապետ Արման Քամարի եւ իր ընկերներուն, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիրճիօղլուի, տնօրէնուհիներուն եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ։ Կարգ մը հիւրերու առընթեր արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան Գերապայծառը։

 

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018