ՈՉ ԵՒՍ Է ՂԱԶԱՐՈՍ ՈՒՆԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի շատ սիրուած ու յարգուած անդամներէն մին՝ Ղազարոս Ունան, որ հիմնադիրն էր «Տիւք» փողկապներու արտադրութեան ընկերութեան։

Ղազարոս Ունան բառին բուն իմաստով խորհրդանշական անուն մըն էր մեր համայնքային կեանքէն ներս։ Իր մանկութեան շրջանի ապրումները առընչը-ւած էին պատմական Խասգիւղ (Հալըճըօղլու) թաղամասին հետ։ 1934 թուականին ծնած էր եւ իր նախնական կրթութիւնը ստացած՝ ծննդավայր թաղին մէջ։ Միջոց մը յաճախած էր նաեւ Կեդրոնական վարժարան, սակայն կիսատ թողած էր։ Երիտասարդ տարիքէն սկսեալ յաճախած էր եկեղեցի, կ՚անդամակցէր Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբին։ Հայկական աւանդական ընտանիքի մը մթնոլորտին մէջ հասած ըլլալով՝ Ղազարոս Ունան փայլուն յաջողութիւններու հասած էր գործարար կեանքէ ներս։ Մահմուտփաշայի շրջակայքին սկսած իր ոդիսականը գագաթնակէտին հասած էր «Տիւք» փողկապներու արտադրութեան ընկերութիւնով։ Արդարեւ, այս վերջինը իր ոլորտէն ներս Թուրքիոյ ամենայաւակնոտ վաճառանիշներէն մին կը համարուի։

Գործի կեանքէ ներս ունեցած փայլուն արդիւնքներուն զուգահեռ՝ Ղազարոս Ունան միշտ մասնակից էր համայնքային կեանքին։ Մեր բոլոր հաստատութիւններուն կը բերէր իր զօրակցութիւնը, սակայն առանձնապէս ոգեւորութեամբ կ՚աշխատէր մարզական կեանքէ ներս։ Ճշմարիտ մարզասէր մըն էր։ Թրքահայութեան մարզական շարժումները խրախուսող, մարզական ծրագրեր հովանաւորող բարերար-ազգային մըն էր։ Այս ոլորտէն ներս տարած հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ եղած էր Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ։ Ղազարոս Ունան միջոց մըն ալ գլխաւորած էր Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբը։

Վերջին շրջաններուն Ղազարոս Ունանի առողջական վիճակը դժբախտաբար վատթարացած էր անշրջադարձելիօրէն։ Հիւանդանոցի մէջ կը գտնուէր տեւական բժշկական խնամքի տակ։ Իր հարազատներն ալ մշտապէս գուրգուրանքի առարկայ կը դարձնէին զինքը։ Բայց եւ այնպէս, այդ բոլորը դժբախտաբար մնացին ապարդիւն եւ Ղազարոս Ունան աչքերը փակեց կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։ 84 տարեկան հասակին, երէկ երեկոյեան ժամերուն ան դժբախտաբար աւանդեց իր հոգին՝ Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։

Այս տխուր առթիւ մեր յարգանքը կը բերենք իր բարի յիշատակին առջեւ եւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր ազնիւ հոգիին։ Խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք այրիին՝ Հայկուհի Ունանին, որդւոյն՝ Տէր եւ Տիկին Կարպիս Ունանին եւ զաւակներուն, նաեւ համայն ընտանիքին։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 31, 2018