ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԱՌԿԱԽԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՄԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՄԱՌ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

Համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութեան հարցը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել թրքահայ կեանքի օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին դատական իշխանութիւնները արձակած են զանազան վճիռներ, որոնց հիման վրայ իրաւաբան մասնագէտներու կողմէ յոյսեր կը նկատուին առկախեալ ընտրութիւնները ի վերջոյ կայացնելու համար՝ թէեւ գործադիր իշխանութիւններու պարագային, ի դէմս Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան, դիրքորոշման յստակեցում մը տակաւին չէ եղած այս ուղղութեամբ։

Մինչ այդ, դատական վճիռներով ստեղծուած հաւանականութիւնները հաշուի առնելով, համայնքային շրջանակներէն ներս արդէն պատրաստութիւններ սկսած են առկախեալ ընտրութիւնները կատարելու ուղղութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, միջոց մը առաջ հաղորդուած էր, որ Ղալաթիոյ խնամակալութիւնը, Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը, Գալֆաեան Տան խնամակալութիւնը եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը փոխադարձ ըմբռնումի հասած են, որպէսզի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ դիմում կատարեն առկախեալ ընտրութիւնները իրականացնելու եւ իրենց վարչական կազմերը վերանորոգելու համար։ Այդ ընտրութեան համար նախատեսուած է 3 հոկտեմբեր 2021 թուականը։ Համայնքային հինգ հաստատութիւններու ձեւաչափին մէջ նախատեսուած նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը։ Թէեւ հինգ հաստատութիւններուն գլխաւորը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը այս փուլին ձեռնպահ մնացած է սոյն նախաձեռնութեան միանալէ, որովհետեւ հոգաբարձութեան մօտեցումը այն է, որ ընտրութիւնները աւանդաբար Համբարձման տօնին ընդառաջ տեղի կ՚ունենան։

Ներկայիս համայնքային շրջանակներէն ներս կան անպաշտօն լսումներ, ըստ որոնց ընտրութեան հետամուտ չորս խնամակալութիւնները արդէն ստեղծած են ընտրական մարմին մը, կազմակերպելու համար ընտրութիւնը։ Անցեալի մէջ համայնքային ընտրութիւններ կազմակերպելու փորձառութիւն ունեցած զանազան դէմքեր համախմբուած են այս յանձնախումբին մէջ, որու կազմը լրացուած է նաեւ կարգ մը երիտասարդ ուժերով։ Թէեւ յիշեալ չորս խնամակալութիւններուն կողմէ տակաւին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չէ կատարուած այսպիսի մարմնի մը ստեղծուած ըլլալուն մասին, սակայն համայնքային շրջանակներէ ներս արդէն կան համապատասխան լսումներ։ Այժմ, այդ նորաստեղծ յանձնախումբը կը պատրաստուի մայրաքաղաքի մէջ շփումներ մշակել եւ պաշտօնապէս հասունցնել ընտրութեան գործընթացը, ստեղծել ենթագետին մը, որու հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ այս չորս կառոյցներու խնամակալութեան կազմերը ընտրութիւնով մը վերաթարմացնել։ Եթէ այսպիսի արդիւնքի մը հասնիլ կարելի ըլլայ, ապա սա, բնականաբար, օրինակ պիտի ծառայէ նաեւ մեր միւս հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու առկախուած ընտրութիւնը ի վերջոյ իրականացնելու ուղղութեամբ։

Եթէ ներկայիս սկիզբ առած գործընթացը յաջողութեամբ պսակուի եւ կարելի ըլլայ ընտրութիւններ իրականացնել, ապա, հասկնալի է, որ այս ընտրութիւնները ըստ նախկին դրութեան տեղի պիտի ունենան։ Այսինքն, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը փոքրամասնական վաքըֆներու ընտրութիւնները առկախած էր այն պատճառաբանութիւնով, որ նոր ընտրական կանոնադրութիւն մը պիտի պատրաստուէր։ Ծանօթ է, որ այդ կանոնադրութիւնը շատ երկար ժամանակէ ի վեր չէ պատրաստուած։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, եթէ դատական իշխանութիւններու վճիռներուն հիման վրայ ընտրութեան մը ձեռնարկելու հնարաւորութիւնը ըլլայ, ապա այդ ընտրութիւնները ըստ նախկին՝ այսինքն Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ ջնջուած կանոնադրութեան հիման վրայ տեղի պիտի ունենան։

Համապատասխան լսումներու եւ հաւանականութիւններու մթնոլորտին մէջ, սոյն գործընթացի յաջորդ փուլերուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 31, 2021