ՌՈՒՄԵԼԻ ՀԻՍԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ՍԱՆԴՈՒԽՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ

Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ երէկ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Վոսփորի ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 161-րդ տարեդարձը բնորոշուեցաւ հոգեւոր ցնծու-թեամբ։

Երէկ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ զանազան թաղերէ փութացած հաւատացեալներ լեցուցած էին եկեղեցին, ուր պատարագեց Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամներուն կողմէ, ղեկավարութեամբ երաժշտապետ Նշան Չալկըճեանի։ Նորին սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Բացօթեայ աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ներկայ էին տէր հայրը, Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, Սարըեէրի քաղաքապետ Շիւքրիւ Կենչ, համայնքային մարմիններէ ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ հիւրեր։ Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նուրիձա Եասուլքալ եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։ Տիկնանց կազմին կողմէ սարքուած սիրոյ սեղաններուն շուրջ համախմբուած ներկաները լսեցին Շիւքրիւ Կենչի, Նուրիձա Եասուլքալի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի խօսքերը։

Աւանդական արարողութիւնները եզրափակուեցան աղօթքով։

 

Երկուշաբթի, Յուլիս 31, 2017