ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Իսթանպուլի կուսակալութունը, 29 օգոստոս 2020, շաբաթ օր, յայտարարած է՝ Նահանգային առողջապահական խորհուրդի կողմէ առնուած քորոնա համավարակի հետ առընչուած յաւելեալ միջոցառումները։
Պատրիարքական Աթոռը, սոյն յայտարարութիւնը նկատի ունենալով, ըրած է հետեւեալ տնօրինութիւնները.
1.- Ս. Պսակի, մկրտութեան եւ յուղարկաւորութեան աւարտին փակ սրահներու մէջ սարքելի ընդունելութիւնները առկախուած են։ Բացօթեայ միջավայրի մէջ կարելի է սարքել, նկատի ունենալով միջավայրի տարողութեան 1/3 համեմատութիւնը։
2.- Բացի հարսին եւ փեսային առաջին եւ երկրորդ կարգի ազգականներէն, 65 տարեկանէ վեր տարեցներու եւ 15 տարեկանէ վար տղոց արարողութեան մասնակցութիւնը անկարելի է։
3.- Բացի հանգուցեալի առաջին եւ երկրորդ կարգի ազգականներէն, 65 տարեկանէ վեր տարեցներու եւ 15 տարեկանէ վար տղոց յուղարկաւորութեան արարողութեան մասնակցութիւնը անկարելի է։
4.- Բացի երեխայի առաջին եւ երկրորդ կարգի ազգականներէն, 65 տարեկանէ վեր տարեցներու եւ 15 տարեկանէ վար տղոց մկրտութեան արարողութեան մասնակցութիւնը անկարելի է։
Սոյն տնօրինութիւնները ի զօրու կը դառնան եւ բծախնդրութեամբ կը կիրարկուին 31 օգոստոս 2020, երկուշաբթի առաւօտէն սկսեալ։ Մեր համայնքի ուշադրութեան կը յանձնենք։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ