ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած ամրան դասընթացներուն առընթեր, կը խրախուսուի նաեւ բնապահպանութեան շարժումը։ Այս շրջանակին մէջ, այս տարի երկրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ «Մեր Գնալը կղզին կը մաքրենք» կարգախօսով։ Ակումբի երիտասարդաց յանձնախումբին ալ աջակցութեամբ այս տարի երկրորդ անգամ կազմակերպուած ձեռնարկի մասնակիցները կղզիի մէջ թէ՛ աղբեր հաւաքեցին եւ թէ ժամանց ունեցան՝ բնութեան ծոցին երթ մը իրականացնելու ձեւաչափին մէջ։ Ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ Գնալը կղզիի թաղապետ Էրտալ Այտըն, Շիշլի մարզակումբէն վարչայիններ եւ կղզեցիներ։

Այս ձեռնարկին առթիւ հակիրճ արտայայտուեցաւ նաեւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք։ Ան ընդգծեց, որ այսօրուան պայմաններով բոլորը բնապահպանութեան նկատմամբ պէտք է նախանձախնդիր ըլլան եւ այս ձեռնարկը Շիշլի մարզակումբին կողմէ ունի խորհրդանշական իմաստ։ Ատենապետը այս առթիւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց կղզիի թաղապետին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նպաստը բերած են այս ծրագրի կեանքի կոչման։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021