ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱԼԱԹԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Գաւաֆեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան։
Թաղականները, ըստ ընկալեալ սովորութեան, մօտալուտ Խաչվերացի տօնին ընդառաջ փափաքած էին Պատրիարքարան այցելել՝ քանի այդ օրը Պալաթի եկեղեցւոյ ուխտի օրն է եւ հաւատացեալները բառին բուն իմաստով կը կուտակուին այնտեղ։
Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թարմ տեղեկութիւններ քաղեց Պալաթի թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ եւ ընդգծեց, որ այս սրբավայրը այնքան սրտամօտիկ է մեր հաւատացեալ ժողովուրդին տեսակէտէ եւ կարեւոր ուխտավայր մըն է՝ իր հրաշագործ Չարխափան Ս. Աստուածածնի սրբանկարով։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց եւ օրհնեց թաղային խորհուրդին գործունէութիւնը եւ մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ՝ մանաւանդ, որ խորհուրդներ ալ տուաւ իրեն ներկայացուած տուեալներու լոյսին տակ։