ՀԱՐԱԶԱՏ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԷՄՔ ՄԸ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Լոս Ան­ճե­լը­սի Պոլ­սա­հայ միու­թեան կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ժրա­ջան ա­տե­նա­պետ Րաֆ­ֆի Մա­րու­քեա­նը, որ վեր­ջին օ­րե­րուն կար­ճա­տեւ այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ քա­ղաքս։ Րաֆ­ֆի Մա­րու­քեան մեր հա­մայն­քի բա­րե­համ­բաւ գեր­դաս­տան­նե­րէն մէ­կուն շա­ռա­ւիղն է, որ­դին Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին ու մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին մօ­տէն ծա­նօթ լու­սա­հո­գի ազ­գա­յին գոր­ծիչ Զօհ­րապ Մա­րու­քեա­նի։ Ան ե­րե­սու­ն­­հինգ տա­րիէ ի վեր բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած է Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, որ եւս ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի մղիչ ու­ժե­րէն մին է, իր սի­րե­ցեալ ե­րէց եղ­բօր՝ Սա­րօ Մա­րու­քեա­նի հետ։ Ի­րենց եր­րորդ եղ­բայ­րը՝ Տար­չօ Մա­րու­քեան կը շա­րու­նա­կէ մնալ Պոլ­սոյ մէջ։ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ Մա­րու­քեան եղ­բայր­նե­րուն կող­մէ ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ա­նոնց նուի­րումն ու յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րը, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, պա­տիւ կը բե­րեն պոլ­սա­հայ շրջա­նակ­նե­րուն՝ թէ՛ ի­րենց գործ­նա­կա­նու­թեամբ եւ թէ սկզբուն­քայ­նու­թեամբ։

Յա­մե­նայն­դէպս, ան­կախ ա­մէն տե­սակ տիտ­ղո­սէ կամ հան­գա­ման­քէ, Րաֆ­ֆի Մա­րու­քեան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ըն­տա­նի­քին այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցած էր որ­պէս հա­րա­զատ բա­րե­կամ ու հա­մա­կիր։ Ան հա­զիւ քա­նի մը օ­րուան կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին ժա­մա­նակ գտած էր խմբագ­րա­տանս մթնո­լոր­տը շնչե­լու եւ ան­մի­ջա­կան զրոյց մը ու­նե­նա­լու մե­զի հետ։ Րաֆ­ֆի Մա­րու­քեան յայտ­նեց, որ այս ան­գամ Ե­րե­ւա­նէն վե­րա­դար­ձի ճա­նա­պար­հին վրայ հան­դի­պած էր Պո­լիս։ Ան մաս­նակ­ցած էր «Ե­րե­ւան շոու 2015» ոս­կեր­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին, մա­նա­ւանդ որ կ­­՚ան­դա­մակ­ցի նաեւ ա­նոր կազ­մա­կեր­պիչ Հայ ոս­կեր­չաց ըն­կե­րակ­ցու­թեան վար­չա­կան խոր­հուր­դին։ Ան դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց այս տօ­նա­վա­ճա­ռին շուրջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս խան­դա­վա­ռուած ըլ­լա­լով նաեւ պոլ­սա­հայ ոս­կե­րիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ան ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ խօ­սե­ցաւ նաեւ Լոս Ան­ճե­լը­սի Պոլ­սա­հայ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ, ընդգ­ծե­լով՝ որ ներ­կա­յիս ու­շադ­րու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ կեդ­րո­նա­ցած է 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն վրայ։

Հրա­ժեշ­տի հանգ­րուա­նին Րաֆ­ֆի Մա­րու­քեա­նին յանձ­նե­ցինք նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի կող­մէ, թեր­թիս դա­րա­դար­ձի շրջա­նին հաս­տա­տուած մա­տե­նա­շա­րին շրջագ­ծով լոյս ըն­ծա­յուած քա­նի մը գիր­քեր՝ միու­թեան գրա­դա­րա­նին հա­մար։

Բա­րի վե­րա­դարձ կը մաղ­թենք սի­րե­լի Րաֆ­ֆի Մա­րու­քեա­նի­ն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2015