ՄԱՀ՝ ԱՐԹՕ ԱՐՍԷՆԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Արթօ Արսէնեան զոհ գացած է քորոնաժահրի համաճարակին։ Շուրջ շաբաթ մը առաջ իր մօտ ախտաճանաչուած էր ժահրը եւ ան անմիջապէս առնուած էր դարմանման տակ։ Վերջին օրերուն ան բնակարանին մէջ էր եւ առողջական վիճակը կու տար յուսադրիչ ազդանշաններ։ Բայց եւ այնպէս, երէկ ամէն ինչ յանկարծ փոխուեցաւ, իր կացութիւնը մտաւ անսպասելի հունի մը մէջ եւ դժբախտաբար այդ երթը կասեցնել կարելի չեղաւ եւ Արթօ Արսէնեան աչքերը կեանքին փակեց անժամանակ՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիները։

Արթօ Արսէնեան, որ ծնած էր 1954 թուականին, Մխիթարեան վարժարանի սաներէն էր։ Միջոց մը յաճախած էր նաեւ Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան երբեմնի վարժարանը։ Կը զբաղէր առեւտուրով, սակայն կարեւոր մասնակցութիւն կը բերէր մեր ընկերամշակութային կեանքին։ Երաժշտութեան սիրահար մըն էր եւ ատեն-ատեն հանդէս կու գար որպէս մենակատար։ Իր ներդրումը կը բերէր նաեւ մեր միութենական թատերախումբերուն, որոնց այնքան սիրուած ու գնահատուած դերասաններու շարքին էր։ Ամուսնացած էր, ունէր երկու դուստր, նաեւ թոռներ։

Յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի ունեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատրան մէջ եւ իր մարմինը ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանը։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք իր հոգւոյն ու կը վշտակցինք իր այրիին՝ Ժիլտա Արսէնեանին եւ համայն ընտանիքին։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31, 2020